2015-05-01 10:34:00

Բարթողոմէոս Պատրիարքին կոչը` ամբողջական պայքար ծայրայեղութեան դէմ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Արեւելքի քրիստոնեաներուն կորուստը մարդկային ողբերգութիւն մըն է'' կը գրէ Բարթողոմէոս Ա` Կ.Պոլսոյ պատրիարքը Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող միջազգային ժողովին մասնակցողներուն`(29-30 Ապրիլ), որուն նիւթն է` ''Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներ, ի՞նչպիսի ապագայ մը'' նիւթին մասին։

Պարիի միջ-քրիստոնէական հանդիպումը ճշմարիտ վեհաժողով մըն է, որուն մասնակցած են Արեւելքի բոլոր նուիրապետութիւններուն պատրիարքներն ու եպիսկոպոսները ու Եւրոպայի միութեան բազմաթիւ նախարարներ։ Կ.Պոլսոյ պատրիարքը իր պատգամին մէջ կը յիշեցնէ որ Արեւելքի քրիստոնեաները ժառանգորդներն են քրիստոնեայ առաջին հասարակութեան։

Անոնք կարողացան շնորհիւ իրենց հոգեւոր աւանդութիւններուն, լեզուաբանութիւններուն, մշակոյթներուն ձեւակերտել եւ ապա հաղորդել Աւետարանի պատգամը այն ինչ որ է այսօրուայ քրիստոնէութիւնը։

Անոնք կարողացան համագործակցիլ իսլամ աշխարհին հետ, այն ինչ որ կը մերժեն ընդունիլ այսօրուայ իսլամ արմատականները։

Միջին Արեւելքի ներկայ քրիստոնեաներու ապրած տագնապը կարող է դառնալ համամիութենական դաս մը, որովհետեւ արիւնով ու  արցունքով կարելի է ըմբռնել ու գիտակցիլ քրիստոնեաներուն ապրումները` դարերու հոլովոյթին։ Ամբողջական ծայրայեղութեան դէմ պայքար մղելով կարելի պիտի ըլլայ երաշխաւորել քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Արեւելքին մէջ։

Կ.Պոլսոյ Պատրիարքը իր պատգամը կ՛եզրափակէ խրախուսելով միջազգային հասարակութիւնը գործելու յանուն միջազգային իրաւունքի, որպէսզի Արեւելքի քրիստոնեաները չդառնան պատմութեան դասագիրքի մէկ գլուխը, ուր կը խօսի անոնց անհետացումին մասին։

Արեւելքի քրիստոնեաները ''ողջ քարեր'' են աշխարհամարտի մը որ դարբնեց անոր պատմութիւնը շնորհիւ մտաւորական ու հոգեւոր փոխառութիւններու ու առեւտրական շփումներու։

Այսօր, ծայրայեղութիւնը կը կանգնի մերժելու բազմադարեան վերոյիշեալ մշակոյթի դէմ։ Միմիայն ամբողջական պայքար մղելով ծայրայեղութեան դէմ,  կարելի պիտի ըլլայ երաշխաւորել Արեւելքի քրիստոնեաներու մնայուն ներկայութիւնը այս աշխարհամասին մէջ, ուր դրոշմուեցաւ քրիստոնեայ անունը։








All the contents on this site are copyrighted ©.